2015-07-16 11:48:00

ֆրանչիսկոս Պապին նամակը` Սալեզեաններու ընդհանուր մեծաւորին։


(Ռատիօ Վատիկան) Տոն Պոսքոյի ծննդեան երկրորդ դարադարձին առթիւ,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը ուղարկած է Սալեզեաններու ընդհանուր մեծաւոր` հայր  Անճել Ֆերնանտէզ Արթիմէին որ ապա հարմար դատած է այդ նամակը հրապարակել ու անոր պարունակութիւնը բաժնեկցել Սալեզեան ընտանիքի անդամներուն հետ։

Նամակը շարադրուած Տոն Պոսքոյի ծննդեան տօնին օրը` 24 յունիս 2015-ին։

Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ ''Եկեղեցւոյ մէջ ողջ է յիշատակը սուրբ Պոսքոյի` հիմնադիրը Սալեզեան կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու զոյգ միաբանութիւններու, Համագործակից Սալեզեաններու  Ընկերակցութեան եւ Հայրը Սալեզեան ներկայ ընտանիքին''։ Նոյնպէս եւ ողջ է անոր յիշատակը որպէս անչափահասներու սուրբ դաստիարակիչը։

Անոր ծննդեան երկրորդ դարադարձին առթիւ ուրախութիւնը ունեցայ  հանդիպում ունենալու Սալեզեան Ընտանիքին հետ, Թորինօ քաղաքի Օգնական Տիրամօր Պազիլիքային մէջ, ուր կը հանգչին սուրբին աճիւնները։

Իմ այս պատգամովս կ՛ուզեմ դարձեալ միանալ ձեզի գոհութիւն մատուցանելու Ամենաբարի Տիրոջ եւ միաժամանակ վերակոչելու սուրբին հոգեւոր ու հովուական ժառանգութիւնը, հրաւիրելով ձեզ քաջութեամբ ապրիլ զանոնք։

Իտալիան, Եւրոպան ու աշխարհը, այս վերջին երկու դարերուն, բազմաթիւ յեղաշրջումներու ենթարկուեցան, սակայն անչափահասներու հոգին մնաց նոյնը։ Այսօր եւս անչափահասները բաց են կեանքի ու Աստուծոյ, սակայն անոնցմէ շատերը յուսալքուած են։ Տոն Պոսքոն կը սորվեցնէ մեզի անտարբեր չմնալ ու անոնց տալ մարդկային ու հոգեւոր պատշաճ դաստիարակութիւն, յատկապէս անոնց որոնք իրենց բախտին լքուած են։ Այս վերջիններուն երաշխաւորելով բարոյական, քաղաքացիական, մշակութային դաստիարակութիւն մը Տոն Պոսքօ գործեց անձերու ու քաղաքացիական ընկերութեան բարիքին ի սպաս։ Այս լայնախոհ ու դաստիարակչական տեսութիւնը կը համապատասխան է այսօրուայ բանաձեւին. ''դաստիարակել աւետարանելով եւ աւետարանել դաստիարակելով''։

Տոն Պոսքօ մեծ եռանդով աշխատեցաւ երիտասարդութեան փրկութեան համար, դառնալով հաւատաւոր վկայ Յիսուս Քրիստոսի ու անոր Աւետարանին, մնալով Եկեղեցւոյ հետ սերտ միութեան մէջ եւ մասնաւորապէս միացած Քահանայապետին։ Ան Աստուծոյ հետ աղօթքի սերտ միութեան մէջ էր, ջերմ ու որդիական բարեպաշտութիւն ունէր Աստուածանայ հանդէպ ու յաճախ զայն կը կոչէր Անարատ ու Օգնական քրիստոնեաներու։

Որպէս Սալեզեան ընտանիք` կանչուած էք վերածաղկեցնելու   Տոն Պոսքոյի հանճարը ոչ միայն դաստիարակչական այլ եւ հովուական մարզէն ներս, որպէսզի նոր սերունդը ինքզինք երջանիկ զգայ Յիսուսի հետ ապրելով ու զայն ճանչնալով։

Թող Տոն Պոսքօ ձեզ օգնէ յուսախաբ չթողելու երիտասարդներն ու անոնց ձգտումները, ինչպէս նաեւ անոնց իղձը կերտելու աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը։ Անոր օրինակով օգնեցէք երիտասարդներուն փորձարկելու Քրիստոսի հետ բարեկամութեան գեղեցկութիւնը որով կ՛իրականան ամենաբարձր եւ ուղիղ իտէալները։

Սրբազան Հայրը ապա նամակին մէջ  մատնանշեց թէ ''Աւետարանող դաստիարակներ ըլլալը շնորհքի պարգեւ մըն է ու միաժամանակ պտուղ` կազմաւորումի, ուսմունքի խորհրդածութեան ու աղօթքի'' ինչպէս կ՛ըսէր Տոն Պոսքոն երիտասարդներուն ''ես ձեզի համար կը սորվիմ, ձեզի համար կ՛աշխատիմ, ձեզի համար կ՛ապրիմ ու ձեզի համար պատրաստ եմ նոյնիսկ կեանքս տալու''։

Այսօր աւելի քան երբեք կը հրաւիրեմ Սալեզեան ընտանիքը զարգացնելու արդիւնաւէտ կրթական դաշինք մը կրօնական եւ աշխարհական տարբեր գործակալութիւններու միջեւ, խարիզմներու զանազանութեամբ յառաջ ընթանալու համար, ի սպաս աշխարհի երիտասարդութեան։

Սալեզեանը – գրեց հուսկ Սրբազան Պապը – Դաստիարակ մըն է որ միշտ կը հնչեցնէ առաջին աւետիսը, գեղեցիկ լուրը որ երբեք պէտք չէ պակսի ''Յիսուս Քրիստոս քեզ կը սիրէ ու իր կանքը տուաւ քու փրկութեանդ համար. Հիմա կենդանի է եւ քեզի մօտիկ է ամէն օր, քեզ լուսաւորելու, քեզ զօրացնելու եւ քեզ ազատելու համար''։

Սիրելի Սալեզեան եղբայրներ եւ քոյրեր – գրեց Նորին Սրբութիւնը իր նամակին աւարտին – Տոն Պոսքոն կը վկայէ թէ Քրիստոնէութիւնը երջանկութեան աղբիւր է` որովհետեւ Ան Սիրոյ Աւետարանն է։ Եկեղեցւոյ սպասումները երիտասարդներու հոգածութեան հանդէպ մեծ են, ինչպէս մեծ է խարիզմը զոր Սուրբ Հոգին պարգեւեց Տոն Պոսքոյին։ Խարիզմ մը որ յառաջ կը մղուի Սալեզեան ընտանիքի ջանքերով։ ''Ասոր համար ձեզ կը քաջալերեմ ձեր հիմնադիրին ժառանգութիւնը ընդունելու աւետարանական արմատականութեամբ եւ ծառայութեան հոգիի վեհանձնութեամբ ի սպաս երիտասարդներուն ու երիտասարդներուն հետ միասին'' Գրեց Ֆրանչիսկոս պապ եզրափակելով նամակը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.